NEW
Font size
WorksheetsՎահան Թէքէեան
Total questions: 10
Worksheet time: 5mins
Հետեւեալներէն ո՞ր մէկը Վահան Թէքէեանի գիրքերէն մէկը չէ:
Կէս Գիշերէն Մինչեւ Արշալոյս
Սէր
Մասիս
Հոգեր
Վահան Թէքէեանի ո՞ր բանաստեղծութենէն առնուած են հետեւեալ տողերը.
Ամէնէն մեծ հրճուանքիս- Ամէնէն սուր վիշտերուս- ներշնչողները աւա՜ղ- Զիս չեն ճանչնար այս պահուս:
Կ՚անձրեւէ տղաս
Քու յիշատակդ այս գիշեր
Ես սիրեցի
Հրաւէր
Որո՞ւ կամ ի՞նչ բանի ձօնուած է <Մէկ Հատիկս> բանաստեղծութիւնը:
Հայ մայրիկի
Գացող սիրելիի
Կորսուած աչքի
Մեռած զաւակի
Վահան Թէքէեանի ո՞ր բանաստեղծութենէն առնուած են հետեւեալ տողերը.
Միմիայն ա՛յս, մնացեալն ամբողջ պատրանք է հոգիս-Միմիայն ա՛յս, ու գուցէ երբե՛ք չհասիս- Անոր իղձո՜վը մեռնիս:
Կ՚անձրեւէ Տղաս
Բարձրացում
Հայու Հոգին
Քու Յիշատակդ Այս Գիշեր
Վահան Թէքէեանի ո՞ր բանաստեղծութենէն առնուած են հետեւեալ տողերը.
Լա՛ց անմեղութեան արցունքը անդարձ
Լա՛ց չգիտնալով խեղճ, անգէտ տղա՛ս
Խեղճ որսը կեանքին, ա՛հ, լա՛ց որ մեծնաս:
Լաց Տղաս
Կ՚անձրեւէ Տղաս
Ես Սիրեցի
Մէկ Հատիկս
Վահան Թէքէեանի ո՞ր բանաստեղծութենէն առնուած են հետեւեալ տողերը.
Երկնի անթիւ աստղերէն մերն է միայն անիկա
Ամէն գիշեր վերը, հո՛ն, Արագածի գլխուն վրայ
Ան կը շողայ առանձին, ա՜յնքան անջատ միւսներէն
Որ ուրիշ ձեռք մը կարծես զանի վառեց գաղտնօրէն:
Վայրի Ծաղիկ
Լուսաւորչի Կանթեղը
Իմ Գիւղը
Հայու Հոգին
Վահան Թէքէեան հետեւեալ թերթերէն ո՞ր մէկուն չէ աշխատակցած:
Արեւ
Բարձրավանք
Շիրակ
Ժամանակ
Վահան Թէքէեանի ո՞ր բանաստեղծութենէն առնուած են հետեւեալ տողերը.
Չէի գիտեր թէ արդէն մեռած էր խեղճն այդ պահուն
Այնուհետեւ չարթնցա՜ւ
Չխօսեցաւ ան երբեք...: Վերջէն՝ տեսար զինքը դուն
Ան չտեսա՜ւ քեզ բնաւ:
Ես Սիրեցի
Հայու Հոգին
Կ՚անձրեւէ Տղաս
Մէկ Հատիկս
Վահան Թէքէեանի ո՞ր բանաստեղծութենէն առնուած են հետեւեալ տողերը.
Ու կը գտնեմ զայն ցեխի մէջ կիսաթաղ...
Բայց զերդ զինուորմ՚որ կը կռուի անդադար՝
Ցեխն ալ կ՚ըսեմ, զայն աղտոտել չի կրնար
Լուսաւորչի Կանթեղը
Հայու Հոգին
Մէկ Հատիկս
Ես Սիրեցի
Վահան Թէքէեանի ո՞ր բանաստեղծութենէն առնուած են հետեւեալ տողերը.
Մէյ մէկ պտուղ գոյնզգոյն՝ բոլոր բառե՛րդ ահա,
Հիւթե՜ղ բառերդ՝ զոր որքա՜ն հասունցուցին արեւներ,
Բառե՛րդ, որոնք այս պահուս շրթանցս վրայ եմ բռներ,
Բառերդ որ քիմքս կ՚օծեն եւ կը սփոփե՜ն սիրտս հիմա...:
Լուսաւորչի Կանթեղը
Հայու Հոգին
Տաղ հայերէն Լեզուի
Իմ Գիւղը
