Font size
WorksheetsԿրօնք-Վերաքաղ 2
Total questions: 55
Worksheet time: 28mins
Հետեւեալներէն ո՞ր մէկը իսլամներուն սուրբ գիրքն է:
Աւետարան
Ղուրան
Հին Կտակարան
Թէվրաթ
Հետեւեալներէն ո՞ր մէկը «թէվրաթ»ին հոմանիշն է:
Հին կտակարան
Նոր կտակարան
Վերջին կտակարան
Աւետարան
Այժմ ո՞ւր կ'երթան հրեաները աղօթելու համար:
Կուռք
Եկեղեցի
Մզկիթ
Սինակոկ
Հետեւեալներէն ո՞ր մէկը քրիստոնեաներուն սուրբ գիրքի անուններէն մէկը չէ:
Աստուածաշունչ
Աւետարան
Հին կտակարան
Նոր կտակարան
Ի՞նչ անուն կը տրուի հրեաներուն կրօնաւորներուն:
իմամ
հահամ
վարպետ
քահանայ
Հետեւեալ նկարին մէջի կրօնաւորը ո՞ր կրօնքին կը պատկանի:
Մահմետականութիւն
Պուտտայականութիւն
Քրիստոնէութիւն
Հրէականութիւն
Հետեւեալ նկարին մէջի կրօնաւորը ո՞ր կրօնքին կը պատկանի:
Մահմետականութիւն
Պուտտայականութիւն
Քրիստոնէութիւն
Հրէականութիւն
Ո՞ր մատը չենք գործածեր խաչակնքելու ընթացքին:
Բթամատ
Ցուցամատ
Ճկոյթ
Միջնամատ
Ի՞նչպէս պէտք է վարուինք եղեկեցւոյ մէջ:
Հրմշտկելով
Վազելով
Պոռալով
Անձայն կենալով
Ի՞նչ ըսել է շարական:
Եկեղեցւոյ յատուկ հագուստ մը
Եկեղեցւոյ մէջ արտասանուած տօնական երգերը
Եկեղեցւոյ մէջ գտնուող արժէքաւոր առարկաներէն մէկը
Եկեղեցւոյ դուռը
Ո՞րն է աշխարհի վրայ ուրիշ լեզուներու ամենաշատ թարգմանուող գիրքը:
Հէրի Փոթըր
Չըթըր Ֆէլսէֆէ
Աւետարան
Փոքրիկ Իշխանը
Խաչակնքելու պահուն ըսուածներէն ո՞ր մէկը սխալ գրուած է:
Յանուն հօր
Եւ հորդւոյն
Եւ որդւոյ
Եւ հոգւոյն
Ի՞նչ կը կոչուի մէկէ աւելի կամ տարբեր աստուածներուն հաւատացողներուն կրօնքին անունը:
Աստուածութիւն
Աստուածաբանութիւն
Բազմաստուածութիւն
Միաստուածութիւն
Ի՞նչ կը կոչուի միայն մէկ աստուծոյ հաւատացողներուն կրօնքը:
Միաստուածութիւն
Բազմաստուածութիւն
Աստուածաբանութիւն
Բնապաշտութիւն
Հետեւեալներէն ո՞ր մէկը միաստուածեան կրօն մը չէ:
Քրիստոնէութիւն
Մահմետականութիւն
Հրէականութիւն
Բնութապաշտութիւն
Վարի վարմունքներէն ո՞ր մէկը եկեղեցւոյ մէջ կատարելը սխալ է:
Ծամօն ծամել
Մտիկ ընել տէր հայրը
Աղօթել
Մոմ վառել
Մէկու մը մահէն 40 օր ետքը այդ անձին համար ո՞ր արարողութիւնը կը կատարուի:
Պսակ
Հարսանիք
Քառասունք
Յուղարկաւորութիւն
Վարի արարողութիւններէն ո՞ր մէկը կը կատարուի եթէ մէկը ամուսնանայ:
Խրախճանք
Յուղարկաւորութիւն
Մկրտութիւն
Պսակ
Վարիններէն ո՞ր մէկը նոր ծնած քրիստոնեայ երեխաներուն համար կը կատարուի:
Պսակ
Մկրտութիւն
Հարսանիք
Յուղարկաւորութիւն
Խաչակնքելու պահուն «Եւ որդւոյ» ըսելէն ետքը ի՞նչ կ'ըսենք:
Ամէն
Եւ որդւոյ
Յանուն հօր
Եւ հոգւոյն
Ի՞նչ մըն է նկարին մէջ տրուած աղօթատեղը:
Կուռք
Քառայր
Մզկիթ
Սինակոկ
Ի՞նչ մըն է նկարին մէջ տրուած աղօթատեղը:
Եկեղեցի
Տաճար
Մզկիթ
Սինակոկ
Վարի նշանը քրիստոնեաներուն կը պատկանի:
Ճիշդ
Սխալ
Ո՞ր մէկը քրիստոնեայ կրօնաւորներուն տրուած անուններէն մէկը չէ:
քահանայ
սատանայ
վարդապետ
տէր հայր
Ո՞ւր հրատարակուած է աշխարհի առաջին հայերէն աւետարանը:
Հայաստան
Իսրայէլ
Ամերիկա
Հոլլանտա
Ի՞նչ իմաստ ունի տաճար բառը:
տուն
գերեզման
ախոռ
աղօթատեղ
Ո՞ր քաղաքին մէջ ծնած է Յիսուսը:
Նազարէթ քաղաքը
Բեթլեհէմ քաղաքը
Հալէպ քաղաքը
Էջմիածին քաղաքը
Ե՞րբ կը յիշենք Տեառընդառաջը:
25 Դեկտեմբերին
6 Յունուարին
15 Օգոստոսին
14 Փետրուարին
Բուն Բարեկենդանը միշտ ո՞ր օր կը տօնուի:
Չորեքշաբթի
Կիրակի
Երկուշաբթի
Շաբաթ իրիկուն
Ինչը՞ կը սկսի Բուն Բարեկենդանին յաջորդող օրը:
Ծաղկազարդը
Յիւսուսին մահը
Յիւսուսին ծնունդը
Մեծ Պահքի շրջանը
Հայաստանը (հայերը) ե՞րբ ընդունած են քրիստոնէութիւնը:
301
1980
370
450
Ի՞նչ կը կոչուի Սուրբ Զատիկէն մէկ առաջուան Կիրակի օրը:
Խաչվերաց
Ծաղկազարդ
Սուրբ Ծնունդ
Տեառընդառաջ
Եթէ ձեր կին զարմիկը ամուսնանայ, եկեղեցւոյ մէջ արարողութեան ընթացքին ո՞ր կողմը պէտք է նստիք:
Աջ
Ձախ
Յուղարկաւորութեան մը ընթացքին, այրերը եկեղեցւոյ դռնէն մտնելէն ետք ո՞ր կողմը կը նստին:
Աջ
Ձախ
Ինչերո՞վ շինուած է հաղորդութիւնը:
գինի+ալիւր
ջուր+հաց
գինի+հաց
գինի+ջուր
Ի՞նչ է Christmas բառին հայերէնը:
Յիսուս
Սուրբ Ծնունդ
Եկեղեցի
Մահ
Սուրբ Ծնունդին թուականը ամէն տարի կը փոխուի՞:
Այո կը փոխուի:
Ո՛չ չի փոխուիր:
Սուրբ Զատկին թուականը ամէն տարի կը փոխուի՞:
Այո կը փոխուի:
Ո՛չ չի փոխուիր:
Ո՞ւր կ'ապրէին Մարիամը եւ Յովսէփը:
Նազարէթ քաղաքը
Էջմիածին քաղաքը
Բեթլեհէմ քաղաքը
Քապէ քաղաքը
40 Օրուայ Յիսուսը երբ տաճար տարին ո՞վ տեսնել կ'ուզէր զայն: Անունը ի՞նչ այդ ծերուկին:
Սէզար
Սեւան
Սիմէոն
Սոնիա
Ի՞նչ էր Վարդան Մամիկոնեանին պաշտօնը:
Ուսուցիչ մըն էր:
Թագաւոր մըն էր:
Զօրավար մըն էր:
Մարզման (vali) մըն էր:
Վարդանանց Պատերազմը կը յիշենք Փետրուարին: Բայց իրականութեան մէջ ո՞ր ամսուան պատահած էր ան:
Մայիս
Ապրիլ
Օգոստոս
Դեկտեմբեր
Վարդանանց պատերազմը ո՞ր երկիրներու միջեւ պատահած պատերազմ մըն է:
Հայաստան-Վրաստան
Հայաստան-Պարսկաստան
Պարսկաստան-Թուրքիա
Թուրքիա-Հայաստան
Ի՞նչ էր պարսիկներուն թագաւորին անունը Վարդանանց Պատերազմի օրերուն:
Գրիգոր Լուսաւորիչ
Մովսէս Խորենացի
Յազկերտ Բ.
Յազկերտ Ա.
Ի՞նչ էր Վարդանանց պատերազմի պատճառը: Ի՞նչ կ'ուզէին պարսիկները:
Թագաւորին աղջիկը կ'ուզէին:
Հայաստանը կ'ուզէին:
Հայերուն իսլամ ըլլալը կ'ուզէին:
Հայերը կրակապաշտ դարձնել կ'ուզէին:
Ո՞ւր պատահած է Վարդանանց պատերազմը:
Էջմիածնի մօտ:
Անտառին մէջ:
Աւարայրը դաշտին վրայ:
Տղմուտ գետին:
Քանի՞ զինուոր ունէին հայերը Վարդանանց Պատերազմի ընթացքին:(մօտաւորապէս)
100 հազար
66 հազար
200 հազար
75 հազար
Մեր այսօր արտասանած Տէրունական աղօթքին ո՞ր մէկը ճիշդ է:
Գրաբար է
Աշխարհաբար է
Ի՞նչ իմաստ ունի «գրաբար» բառը:
Հին հայերէն
Նոր հայերէն
Միջին հայերէն
Դժուար հայերէն
Պոլսոյ մէջ բոլոր եկեղեցիները «վերնատուն» կ'ունենան:
Այո կ'ունենան
Ոչ չեն ունենար
Ի՞նչ անուն կը տրուի եկեղեցիներուն մէջ նստարաններուն գտնուած բաժինին:
Գմբէթ
Խորան
Վերնատուն
Ատեան
Ի՞նչ անուն կը տրուի եկեղեցիներուն մէջ երգչախումբի կողմէ գործածուած եւ կարգ մը եկեղեցիներուն մէջ գտնուող բաժինին:
Գմբէթ
Խորան
Վերնատուն
Ատեան
Ի՞նչ անուն կը տրուի եկեղեցիներուն մէջ պատարագի սեղանին տեղաւորուած բաժինին, ուր կը գտնուի Յիսուսին եւ Մայրամ Աստուածածնի մանրանկարը:
Գմբէթ
Խորան
Վերնատուն
Ատեան
Ի՞նչ է ծննդաբերութեան եւ պտղաբերութեան չաստուածուհիին անունը: (Հայերուն համար)
Աստղիկ
Նանէ
Անահիտ
Արուսեակ
Ո՞ր չաստուածն է Հայոց հեթանոսական կրօնքի գերագոյն չաստուածը, որ ան չաստուածներու հայրը կը սեպուէր:
Արամազդ
Վահագն
Տիր
Միհր
