Font size
Worksheetsգոյական ածական
Total questions: 10
Worksheet time: 5mins
Ո՞րը բաշխական թուական ածական մըն է։
երրորդ
հարիւր
մէկ մէկ
իններորդ
Ո՞ր ածականի տեսակը չկայ
«Այս առաւօտ ժամը ութին, գլուխս մեր տան պատուհանէն դուրս հանեցի, տեսայ զոյգ մը թռչուն եւ երեք կատու» նախադասութեան մէջ։
ստացական ածական
ցուցական ածական
բացարձակ թուական ածական
որակական ածական
Ածականները գոյականը որակելու կամ ճաշակելու ծառայող եւ թիւ, յօդ, հոլով չունեցող անփոփոխ բառեր են։
ճիշդ
սխալ
Ո՞ր նախադասութիւնը կը պարունակէ իր մէջ դասական թուական ածական մը։
Մաշտոցեան տառերը երեսունը վեց հատ են։
Մեր շէնքին մէջ կը բնակի երեսունը երեք հոգի։
Շատ կարօտցայ հինգական հոգինոց խումերով ոտնագնդակ խաղալ։
Գրիգոր Նարեկացի ԺԱ. դարու կարեւոր անուններէն է։
Ո՞րը ածական մը չէ։
կարգը
սիրուն
սա
ձեր
Ո՞րը որակական ածական մը չունի։
հոյակապ պալատ
մանկադէմ երիտասարդ
իւրաքանչիւր պատասխան
դիմացի ծառը
Ո՞րը գոյականին յօդերէն մէկը չէ։
ր
ս
դ
ն
Ո՞րը Սեռ. Տրկ. Հոլով է։
աշխատասիրութեամբ
հայի
մարդոց
տղաք
Ո՞րն է «Բացառական Հոլով, յոգնակի» տրուած բառին ճիշդ հոլովուած վիճակը։
գեղեցկութենէն
մարդոցմէ
կնոջմէ
նաւէ
Ո՞րն է «Այս օրուան պարտականութիւններս ընկերոջս հետ պատրաստեցինք» նախադասութեան ենթական։
օրուան
մենք
պարտականութիւններս
ընկերոջս
