wayground logo

Free Printable Worksheets

NEW

Font size

S
M
L
XL
Worksheets

Կատարեալ Անցեալ

Total questions: 13

Worksheet time: 7mins

Name
Class
Date
1.

«Ես շարադրութիւն կը գրեմ» նախադասութեան կատարեալ անցեալը վարիններէն ո՞րն է:

a)

Ես շարադրութիւն կը գրէի

b)

Ես շարադրութիւն կը գրած էի

c)

Ես շարադրութիւն կը գրեցի

2.

Անոնք դասարանը ......................:

Վարիններէն ո՞ր մէկուն հետ չեմ կրնար ամբողջացնել նախադասութիւնը:

a)

նստեցան

b)

նստեցինք

c)

կեցան

d)

նստան

3.

Մենք աղուոր հագուստներ ......................:

Վարիններէն ո՞ր մէկուն հետ չեմ կրնար ամբողջացնել նախադասութիւնը:

a)

հագուեցինք

b)

հագանք

c)

հագուեցանք

d)

ընտրեցինք

4.

Ես մարզասրահ......................:

Վարիններէն ո՞ր մէկուն հետ չեմ կրնար ամբողջացնել նախադասութիւնը:

a)

մտայ

b)

չմտայ

c)

պիտի մտնէի

d)

պիտի մտնայի

5.

Վարիններէն ո՞ր մէկը հետեւեալ նախադասութեան ժխտական ձեւն է:

«Դուն եւ զարմիկս նոր playstation առիք»

a)

Դուն եւ զարմիկս նոր playstation չառինք

b)

Դուն եւ զարմիկս նոր playstation չէիք առած:

c)

Դուն եւ զարմիկս նոր playstation չէք առած:

d)

Դուն եւ զարմիկս նոր playstation չառին:

6.

Վարի նախադասութիւններէն ո՞ր մէկը ճիշդ գրուած է կատարեալ անցեալ ժամակով:

a)

Անոնք պարտէզը վազեցին:

b)

Անոնք պարտէզը վազեցան:

c)

Անոնք պարտէզը վազած էին:

d)

Անոնք պարտէզը պիտի վազէին:

7.

Վարի նախադասութիւններէն ո՞ր մէկը կատարեալ անցեալ ժամանակով չէ գրուած:

a)

Դուք Ամերիկա գացիք:

b)

Մենք գիրք գնեցինք:

c)

Անոնք գիրք կարդացեր են:

d)

Դուն կօշիկ հագուեցար:

8.

Վարիններէն ո՞ր մէկուն մէջ «զարնել» բայը ճիշդ տրուած է:

a)

Ես զարնեցի

b)

Ես զարկայ

c)

Անոնք զարկան

d)

Ես զարկի

9.

«Ես հաւկիթ չեմ սիրեր»

Այս նախադասութեան դրականը ո՞րն է:

a)

«Ես հաւկիթ պիտի չսիրեմ»

b)

«Ես հաւկիթ չէի սիրեր»

c)

«Ես հաւկիթ չեմ սիրած»

d)

«Ես հաւկիթ կը սիրեմ»

10.

«Ես եւ Արաքսը հեծելանիւ քշեցինք»

Նախադասութեան ժխտականը վարիններէն ո՞րն է:

a)

«Ես եւ Արաքսը հեծելանիւ չէինք քշած»

b)

«Ես եւ Արաքսը հեծելանիւ չքշեցինք»

c)

«Ես եւ Արաքսը հեծելանիւ պիտի չքշենք»

11.

Վարի նախադասութիւններէն ո՞ր մէկը կատարեալ անցեալ ժամանակով գրուած է:

a)

Արսէնը կապոյտ մազեր ունի:

b)

Արսէնը կապոյտ մազեր ունեցած էր:

c)

Արսէնը կապոյտ մազեր ունեցաւ:

d)

Արսէնը կապոյտ մազեր պիտի ունենայ:

12.

Վարի նախադասութիւններէն ո՞ր մէկը ներկայ ժամանակով չէ գրուած :

a)

Ֆութպոլ խաղալ չեմ սիրեր:

b)

Ֆութպոլ խաղալ չէի սիրեր:

c)

Ֆութպոլ խաղալ կը սիրեմ:

13.

Վարիններէն ո՞ր մէկը կատարեալ անցեալ ժամանակով գրուած է:

a)

Հեռաձայնով խօսեցի:

b)

Երէկ լողացանք:

c)

Ծովափ գացած էինք:

d)

Հեռաձայնով խօսեցայ: